2015-02-01 12:19:54

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Աւետարանը կեանքի խօսք է. կը բարեփոխէ սրտերը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` փետրուար մէկին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ քաղուած Մարկոսի աւետարանէն (Գլուխ 1, 21-28) ուր կը պատմուի Յիսուսի Կափառնաում մուտքի մասին, ուր Ան անմիջապէս ժողովարան կ՛ուղղուի ու կը քարոզէ, զարմացնելով բոլոր ներկաները, որովհետեւ կը սորվեցներ հեղինակութիւն ունեցող մարդու մը նման։
Յիսուսի առաջին մտահոգութիւնը եղաւ Աստուծոյ խօսքը փոխանցել- ըսաւ Քահանայապետը – Ան չի մտահոգուեցաւ թէ ո՞ւր պիտի գիշերեր կամ ի՞նչ պիտի ուտեր, թէեւ ասոնք ալ կարեւոր են, այլ ուզեց փոխանցել Աստուծոյ խօսքը։
Աւետարանը կեանքի խօսք է` յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ ան մարդիկը չի ճնշեր, ընդհակառակը, կ՛ազատագրէ այն անձերը որոնք ստրուկ են այս աշխարհի չար ոգիներուն` ունայնութիւն, դրամասիրութիւն, հպարտութիւն, ցանկասիրութիւն....Աւետարանը կը բարեփոխէ սիրտն ու կեանքը եւ չարի հակումը կը փոխակերպէ բարի առաջադրանքներու. Ասոր համար ամէն մէկ քրիստոնեայի պարտականութիւնն է ամենուրէք տարածել փրկութեան զօրութիւնը, դառնալով Աստուծոյ Խօսքին առաքեալներն ու քարոզիչները, ըսաւ Ֆանչիսկոս Պապը, հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնն ու հովանին որպէսզի բոլորին սորվեցնէ ունկնդրել ու ապա դառնալ Յիսուս Աւետարանին հեղինակաւոր աւետողներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.